Պողոս Առաքյալի առաջին նամակը Կորնթացիներին 15:50
Ուրեմն սա՛ կ՚ըսեմ, եղբայրնե՛ր, թէ մարմին եւ արիւն չեն կրնար ժառանգել Աստուծոյ թագաւորութիւնը, ո՛չ ալ ապականութիւնը կը ժառանգէ անապականութիւն:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
49Ինչպէս կը կրենք հողեղէնին պատկերը, նաեւ պիտի կրենք երկնաւորին պատկերը:
51Ահա՛ կը յայտնեմ ձեզի խորհուրդ մը. «Բոլորս պիտի չննջենք, բայց բոլորս ալ պիտի փոխուինք.
Read all of Պողոս Առաքյալի առաջին նամակը Կորնթացիներին 15
Cross References
Matthew 16:17Յիսուս ըսաւ անոր. «Երանի՜ քեզի, Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի. որովհետեւ ո՛չ թէ մարմինն ու արիւնը յայտնեցին քեզի ասիկա, հապա իմ Հայրս՝ որ երկինքն է:
1 Corinthians 1:12Հիմա սա՛ կ՚ըսեմ ձեզի. իբր թէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը կ՚ըսէ. «Ես Պօղոսեան եմ», կամ. «Ես Ապողոսեան եմ», կամ. «Ես Կեփասեան եմ», կամ. «Ես Քրիստոսեան եմ»:
1 Corinthians 7:29Բայց սա՛ կ՚ըսեմ, եղբայրնե՛ր, թէ ժամանակը կարճ է: Ա՛լ անոնք որ կին ունին, այնպէս ըլլան՝ որպէս թէ չունին.
2 Corinthians 9:6Բայց սա՛ գիտցէք, թէ ա՛ն որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով ալ պիտի հնձէ, եւ ա՛ն որ առատաձեռնութեամբ կը սերմանէ՝ առատաձեռնութեամբ պիտի հնձէ:
Galatians 5:16Ուստի սա՛ կ՚ըսեմ. «Հոգիո՛վ ընթացէք, ու մարմինին ցանկութիւնը պիտի չգործադրէք»:
Colossians 2:4Կ՚ըսեմ ասիկա՝ որպէսզի ո՛չ մէկը խաբէ ձեզ հրապուրիչ խօսքերով.