Պողոս առաքյալի առաջին նամակը Տիմոթեոսին 6:2
Իսկ անոնք որ հաւատացեալ տէրեր ունին՝ թող չարհամարհեն զանոնք՝ որովհետեւ եղբայրներ են. այլ մանաւանդ թող ծառայեն անոնց յօժարութեամբ, քանի բարերարութենէն օգտուողները հաւատացեալ են ու սիրելի: Սորվեցո՛ւր այս բաները եւ յորդորէ՛:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
Read all of Պողոս առաքյալի առաջին նամակը Տիմոթեոսին 6
Cross References
Matthew 6:24«Ո՛չ մէկը կրնայ ծառայել երկու տիրոջ. որովհետեւ կա՛մ պիտի ատէ մէկը եւ սիրէ միւսը, կա՛մ պիտի յարի մէկուն՝՝ ու արհամարհէ միւսը: Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ մամոնային:
Matthew 25:40Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. “Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. "Քանի իմ այս եղբայրներուս փոքրագոյններէն մէկուն ըրիք՝ ինծի՛ ըրիք"”:
Romans 11:17Եթէ այդ ճիւղերէն ոմանք կտրուեցան, ու դո՛ւն՝ որ վայրի ձիթենի էիր, պատուաստուեցար անոնց մէջտեղ եւ հաղորդակից եղար անոնց հետ ձիթենիին արմատին ու պարարտութեան,
Galatians 5:6Արդարեւ Քրիստոս Յիսուսի մէջ եղողին՝ ո՛չ թլփատութիւնը որեւէ ազդեցութիւն ունի, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա հաւա՛տքը՝ որ կը ներգործէ սիրով:
Ephesians 1:15Ուստի ես ալ, լսելէ ետք Տէր Յիսուսի վրայ ձեր ունեցած հաւատքին ու բոլոր սուրբերուն հանդէպ ձեր ունեցած սիրոյն մասին,