2 Թուղթ առ Կորնթացիս 10:2
Կ՚աղերսեմ որ ներկայ եղած ատենս խիզախ չըլլամ այն վստահութեամբ՝ որով կը մտածեմ յանդուգն ըլլալ ոմանց դէմ, որոնք մեր մասին կը մտածեն ա՛յնպէս՝ իբր թէ կ՚ընթանանք մարմնաւորապէս:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
3Քանի որ՝ թէպէտ մարմինով կ՚ընթանանք, ո՛չ թէ մարմինին համաձայն կը մարտնչինք.
Read all of 2 Թուղթ առ Կորնթացիս 10
Cross References
Romans 8:1Ուրեմն հիմա դատապարտութիւն չկայ Քրիստոս Յիսուսով եղողներուն, որոնք մարմինին համաձայն չեն ընթանար.
1 Corinthians 4:18Ոմանք հպարտացան, որպէս թէ ես պիտի չգամ ձեզի:
2 Corinthians 12:13Որովհետեւ ինչո՞վ ետ մնացիք միւս եկեղեցիներէն, բացի անով՝ որ ես բեռ չեղայ ձեզի: Ներեցէ՛ք ինծի այս անիրաւութիւնը:
2 Corinthians 13:10Ուստի կը գրեմ ձեզի այս բաները՝ բացակայ ըլլալով, որպէսզի երբ ներկայ ըլլամ՝ սաստկութեամբ չվարուիմ այն իրաւասութեան համեմատ, որ Տէրը տուաւ ինծի՝ շինելու, եւ ո՛չ թէ քանդելու համար:
Ephesians 2:2Անոնց մէջ ժամանակին կ՚ընթանայիք՝ այս աշխարհի ընթացքին համաձայն, օդի իշխանութեան իշխանին համաձայն, այն ոգիին՝ որ հիմա կը ներգործէ անհնազանդութեան որդիներուն մէջ: