2 Թուղթ առ Կորնթացիս 11:31
Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը եւ Հայրը, որ յաւիտեան օրհնեա՜լ է, գիտէ թէ չեմ ստեր:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
The God and Father of our Lord Jesus Christ, which is blessed for evermore, knoweth that I lie not.
In Context
30Եթէ պէտք ըլլայ պարծենալ, պիտի պարծենամ իմ տկարութիւններուս վերաբերեալ բաներով:
Read all of 2 Թուղթ առ Կորնթացիս 11
Cross References
John 20:17Յիսուս ըսաւ անոր. «Մի՛ դպչիր ինծի, որովհետեւ դեռ բարձրացած չեմ Հօրս քով. հապա գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. “Ես կը բարձրանամ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօր քով, իմ Աստուծոյս քով եւ ձեր Աստուծոյն քով”»:
Romans 1:25քանի որ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը փոխեցին սուտի հետ, եւ ակնածեցան արարածէ՛ն ու պաշտեցին զայն՝ քան Արարիչը, որ օրհնեա՜լ է յաւիտեան: Ամէն:
Romans 9:5Իրե՛նցն են նախահայրերը. իրենցմէ՛ ալ մարմինի կողմէն եկաւ Քրիստոս, որ բոլորին վրայ է, յաւիտեան օրհնեա՜լ Աստուած: Ամէն:
2 Corinthians 1:3Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, արգահատանքի Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը,
2 Corinthians 11:11Ինչո՞ւ. քանի որ չե՞մ սիրեր ձեզ: Աստուա՛ծ գիտէ: