Հովհաննես առաքյալի երրորդ թուղթ 1:3
Որովհետեւ մեծապէս ուրախացայ, երբ քանի մը եղբայրներ եկան ու վկայեցին քու ճշմարտութեանդ մասին, թէ կ՚ընթանաս ճշմարտութեամբ:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
2Սիրելի՛ս, կ՚ըղձամ որ ամէն կերպով յաջողիս եւ առողջ ըլլաս, ինչպէս քու անձդ ալ յաջողութեան մէջ է:
4Ամենամեծ ուրախութիւնս է լսել՝ թէ իմ զաւակներս կ՚ընթանան ճշմարտութեամբ:
Read all of Հովհաննես առաքյալի երրորդ թուղթ 1
Cross References
2 Corinthians 7:6Բայց Աստուած, որ խոնարհները կը մխիթարէ, մեզ մխիթարեց Տիտոսի գալուստով:
Philippians 1:4ամէն ատեն՝ ամէն աղերսանքիս մէջ: Ուրախութեամբ կ՚աղերսեմ ձեր բոլորին համար,
1 Thessalonians 2:19Քանի որ ի՞նչ է մեր յոյսը, կամ ուրախութիւնը, կամ մեր պարծանքին պսակը: Միթէ դո՛ւք չէ՞ք, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի առջեւ, անոր գալուստին ատենը.
2 John 1:2այն ճշմարտութեան համար՝ որ կը բնակի մեր մէջ ու յաւիտեան պիտի ըլլայ մեզի հետ.
3 John 1:4Ամենամեծ ուրախութիւնս է լսել՝ թէ իմ զաւակներս կ՚ընթանան ճշմարտութեամբ: