Գործք առաքելոց 15:32
Իսկ Յուդա եւ Շիղա, իրենք ալ մարգարէ ըլլալով, շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները, ու ամրացուցին:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
31Երբ կարդացին՝ ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար:
33Ժամանակ մը հոն կենալէ ետք՝ եղբայրներէն խաղաղութեամբ ուղարկուեցան, եւ առաքեալներուն դարձան:
Cross References
Matthew 23:34Ուստի ահա՛ ես կը ղրկեմ ձեզի մարգարէներ եւ իմաստուններ ու դպիրներ: Անոնցմէ ոմանք պիտի սպաննէք եւ խաչէք, ոմանք ալ պիտի խարազանէք ձեր ժողովարաններուն մէջ ու հալածէք քաղաքէ քաղաք:
Acts 2:17“Վերջին օրերը,- կ՚ըսէ Աստուած,- իմ Հոգիէս պիտի թափեմ ամէն մարմինի վրայ, եւ ձեր որդիներն ու աղջիկները պիտի մարգարէանան, ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն, ու ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն:
Acts 11:23Երբ ան եկաւ ու տեսաւ Աստուծոյ շնորհքը՝ ուրախացաւ, եւ կը յորդորէր բոլորն ալ՝ որ յարին Տէրոջ յօժար սիրտով՝՝.
Acts 13:1Քանի մը մարգարէներ ու վարդապետներ կային Անտիոք եղող եկեղեցիին մէջ.- Բառնաբաս, Շմաւոն՝ որ Նիգեր կը կոչուէր, Ղուկիոս Կիւրենացին, Մանայէն՝ Հերովդէս չորրորդապետին սննդակիցը, եւ Սօղոս:
Acts 15:1Ոմանք՝ իջնելով Հրէաստանէն՝ կը սորվեցնէին եղբայրներուն ու կ՚ըսէին. «Եթէ Մովսէսի աւանդած սովորութեան համաձայն չթլփատուիք, չէք կրնար փրկուիլ»: