Գործք առաքելոց 20:16
Արդարեւ Պօղոս որոշած էր նաւարկել Եփեսոսի քովէն, որովհետեւ չէր ուզեր ժամանակ անցընել Ասիայի մէջ, քանի որ կ՚աճապարէր Երուսաղէմ ըլլալ Պենտեկոստէի օրը՝ եթէ կարելի ըլլար իրեն:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
17Ուստի Միլետոսէն մարդ ղրկեց Եփեսոս, ու կանչեց եկեղեցիին երէցները:
Cross References
Acts 2:1Երբ Պենտեկոստէի տօնը հասաւ, բոլորն ալ միաբան՝ մէկ տեղ էին:
Acts 18:19Երբ հասաւ Եփեսոս՝ հոն ձգեց զանոնք, իսկ ինք մտնելով ժողովարանը՝ կը խօսէր Հրեաներուն հետ:
Acts 19:21Երբ այս բաները կատարուեցան, Պօղոս հոգիին մէջ որոշեց Երուսաղէմ երթալ՝ Մակեդոնիայէն եւ Աքայիայէն անցնելով, ու կ՚ըսէր. «Հոն ըլլալէս ետք՝ պէտք է Հռոմն ալ տեսնեմ»:
Acts 20:13Իսկ մենք՝ նախապէս նաւ մտնելով՝ մեկնեցանք դէպի Ասոս, ուրկէ պիտի առնէինք Պօղոսը, որովհետեւ ա՛յդպէս պատուիրած էր. քանի որ ինք պիտի երթար ցամաքով:
Acts 21:4Գտնելով աշակերտները՝ եօթը օր մնացինք հոն. անոնք Սուրբ Հոգիով կ՚ըսէին Պօղոսի՝ որ չբարձրանայ Երուսաղէմ:
Romans 15:24երբ դէպի Սպանիա ճամբորդեմ՝ կը յուսամ ճամբորդութեանս ընթացքին ձեզի հանդիպիլ, ու ձեզմէ ուղարկուած հոն երթալ, անշուշտ նախ ձեզմով մասամբ յագենալէ ետք: