Գործք առաքելոց 22:30
Հետեւեալ օրը, ուզելով գիտնալ ստոյգը՝ թէ ինչո՛ւ ան ամբաստանուած էր Հրեաներէն, արձակեց զայն եւ հրամայեց որ քահանայապետներն ու ամբողջ ատեանը գան. եւ իջեցնելով Պօղոսը՝ ներկայացուց անոնց:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
Cross References
Matthew 5:22Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ զուր տեղը բարկանայ իր եղբօր դէմ՝ արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի: Ո՛վ որ "ապուշ" ըսէ իր եղբօր՝ արժանի պիտի ըլլայ ատեանի դատապարտութեան: Ո՛վ որ "յիմար" ըսէ իր եղբօր՝ արժանի պիտի ըլլայ գեհենի կրակին”:
Matthew 27:2Երբ կապեցին զայն, տարին եւ մատնեցին Պոնտացի Պիղատոս կառավարիչին:
Acts 21:11երբ եկաւ մեզի, առաւ Պօղոսի գօտին, կապեց իր ձեռքերն ու ոտքերը, եւ ըսաւ. «Սա՛ կը յայտարարէ Սուրբ Հոգին. “Երուսաղէմի մէջ, Հրեաները ա՛յսպէս պիտի կապեն այն մարդը՝ որունն է այս գօտին, ու պիտի մատնեն հեթանոսներուն ձեռքը”»:
Acts 22:5ինչպէս քահանայապետն ալ կը վկայէ իմ մասիս, եւ ամբողջ երէցներու ժողովը. նաեւ անոնցմէ նամակներ ընդունելով՝ Դամասկոս կ՚երթայի, որպէսզի հոն եղածներն ալ կապուած բերեմ Երուսաղէմ՝ որ պատժուին»:
Acts 23:28Ուզելով գիտնալ պատճառը՝ որուն համար կ՚ամբաստանէին զինք, տարի զինք անոնց ատեանին առջեւ,