Գործք առաքելոց 24:27
Բայց երբ երկու տարի անցաւ, Փելիքսի յաջորդեց Պորկիոս Փեստոս. Փելիքս ալ՝ ուզելով շնորհք ընել Հրեաներուն՝ կապուած ձգեց Պօղոսը:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
26Նաեւ յոյս ունէր որ Պօղոս իրեն դրամ տայ. ուստի յաճախ կը կանչէր զայն եւ կը խօսակցէր անոր հետ:
Cross References
Mark 15:15Պիղատոս ալ՝ փափաքելով գոհացնել բազմութիւնը՝ Բարաբբան արձակեց անոնց, ու խարազանելով Յիսուսը՝ յանձնեց անոնց որպէսզի խաչուէր:
Acts 12:3եւ տեսնելով թէ հաճելի է Հրեաներուն, շարունակելով բռնեց նաեւ Պետրոսը: (Բաղարջակերքի օրերն էին:)
Acts 25:1Երբ Փեստոս հասաւ իր իշխանութեան գաւառը, երեք օր ետք բարձրացաւ Կեսարիայէն Երուսաղէմ:
Acts 25:9Բայց Փեստոս, ուզելով Հրեաներուն շնորհք ընել, պատասխանեց Պօղոսի. «Կ՚ուզե՞ս բարձրանալ Երուսաղէմ ու հոն դատուիլ իմ առջեւս՝ այդ բաներուն համար»:
Acts 26:24Մինչ ան այսպէս կը ջատագովէր ինքզինք, Փեստոս բարձրաձայն ըսաւ. «Կը ցնորի՛ս, Պօղո՛ս. շատ կարդացած ըլլալդ քեզ կը խելագարեցնէ»: