Acts 9:30
Իսկ եղբայրները՝ ասիկա գիտնալով՝ զինք իջեցուցին Կեսարիա, եւ անկէ ճամբեցին Տարսոն:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
Which when the brethren knew, they brought him down to Caesarea, and sent him forth to Tarsus.
In Context
29Նաեւ կը խօսէր եւ կը վիճաբանէր Հելլենացիներուն հետ. անոնք ալ կը ձգտէին սպաննել զինք:
Cross References
Matthew 16:13Երբ Յիսուս կ՚երթար Փիլիպպոսի Կեսարիային երկրամասը՝ հարցուց իր աշակերտներուն. «Մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն, ո՞վ եմ ես՝ մարդու Որդին»:
Acts 9:11Տէրը ըսաւ անոր. «Կանգնէ՛ ու գնա՛ այն փողոցը՝ որ Ուղիղ կը կոչուի, եւ հոն՝ Յուդայի տան մէջ փնտռէ՛ Սօղոս անունով Տարսոնցի մը. որովհետեւ ահա՛ ան կ՚աղօթէ,
Acts 11:25Յետոյ Բառնաբաս մեկնեցաւ Տարսոն՝ փնտռելու Սօղոսը, ու գտնելով զայն՝ բերաւ Անտիոք:
Acts 17:15Անոնք որ կը տանէին Պօղոսը՝ հասցուցին զայն մինչեւ Աթէնք, ապա մեկնեցան՝ պատուէր ստանալով Շիղայի ու Տիմոթէոսի համար, որ շուտով գան իրեն: