Թուղթ առ Եփեսացիս 2:15
այսինքն՝ հրամաններով եղած պատուիրաններուն Օրէնքը. որպէսզի իրմով այդ երկուքէն ստեղծէ նոր մարդ մը՝ այսպէս խաղաղութիւն ընելով,
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
16ու երկուքն ալ հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ մէկ մարմինի մէջ՝ խաչին միջոցով: Անով սպաննեց թշնամութիւնը,
Read all of Թուղթ առ Եփեսացիս 2
Cross References
2 Corinthians 5:17Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, ան նոր արարած մըն է. նախկին բաները անցան, եւ ահա՛ ամէն բան նոր եղաւ:
Galatians 3:28Ա՛լ ո՛չ Հրեայ կայ, ո՛չ Յոյն. ո՛չ ստրուկ կայ, ո՛չ ազատ. ո՛չ արու կայ, ո՛չ էգ. որովհետեւ դուք բոլորդ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով:
Ephesians 4:16Անով է որ ամբողջ մարմինը, յարմարութեամբ միասին կազմուած եւ իրարու կցուած ամէն յօդի օժանդակութեամբ՝ ամէն մասի ներգործութեան չափին համեմատ, կ՚աճի սիրոյ մէջ՝ իր շինութեան համար:
Colossians 2:14եւ մեզի դէմ հրամաններով եղած պարտամուրհակը՝ որ հակառակ էր մեզի՝ ջնջեց, ու մէջտեղէն վերցուց զայն՝ գամելով խաչափայտին վրայ.
Colossians 3:10ու հագէ՛ք այն նորը, որ նորոգուած է գիտակցութեամբ՝ իր Արարիչին պատկերին համաձայն,
Hebrews 8:13“Նոր ուխտ” կոչելով՝ հինցուց առաջինը. իսկ ի՛նչ որ կը հիննայ եւ կը ծերանայ՝ մօտ է աներեւութանալու: