Թուղթ առ Եփեսացիս 6:19
ինծի՛ համար ալ, որպէսզի խօսք տրուի ինծի, որ համարձակութեամբ բանամ բերանս՝ գիտցնելու խորհուրդը աւետարանին,
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
20որուն համար ես դեսպան մըն եմ՝ շղթաներով. որպէսզի անով համարձակութեա՛մբ խօսիմ՝ ինչպէս պէտք է խօսիմ:
Read all of Թուղթ առ Եփեսացիս 6
Cross References
Acts 4:13Իսկ անոնք, նայելով Պետրոսի ու Յովհաննէսի համարձակութեան, եւ ըմբռնելով թէ անուս ու տգէտ մարդիկ են՝ զարմացան, եւ գիտցան թէ անոնք Յիսուսի հետ էին:
Acts 4:31Երբ անոնք աղերսեցին, սարսեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին, ու բոլորը լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ համարձակութեամբ կը քարոզէին Աստուծոյ խօսքը:
Acts 9:29Նաեւ կը խօսէր եւ կը վիճաբանէր Հելլենացիներուն հետ. անոնք ալ կը ձգտէին սպաննել զինք:
Acts 14:3Իսկ անոնք երկար ժամանակ հոն կենալով՝ համարձակութեամբ կը քարոզէին Տէրոջմով, որ իր շնորհքի խօսքին վկայութիւն կու տար՝ թոյլատրելով որ նշաններ եւ սքանչելիքներ կատարուին անոնց ձեռքով:
Acts 19:8Ապա ժողովարանը մտնելով՝ երեք ամիս համարձակութեամբ կը խօսէր Աստուծոյ թագաւորութեան մասին, եւ կը համոզէր:
Romans 15:30Կ՚աղաչե՛մ ձեզի, եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջմով՝ Յիսուս Քրիստոսով ու Հոգիին սիրով, որ պայքարիք ինծի հետ ձեր աղօթքներուն մէջ՝ որոնք Աստուծոյ ուղղուած են ինծի համար,