Թուղթ առ Գաղատացիս 2:20
Քրիստոսի հետ խաչուեցայ. սակայն կ՚ապրի՛մ, բայց ա՛լ ո՛չ թէ ես՝ հապա Քրիստո՛ս կ՚ապրի իմ մէջս: Իսկ այն կեանքը որ հիմա մարմինովս կ՚ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքով կ՚ապրիմ, որ սիրեց զիս եւ ինքզինք ընծայեց ինծի համար:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
19Որովհետեւ ես՝ Օրէնքին միջոցով՝ մեռայ Օրէնքին, որպէսզի ապրիմ Աստուծոյ համար:
21Ես Աստուծոյ շնորհքը չեմ ջնջեր. որովհետեւ եթէ արդարութիւնը Օրէնքէն է, ուրեմն Քրիստոս ընդունայն մեռաւ:
Read all of Թուղթ առ Գաղատացիս 2
Cross References
Matthew 20:28ինչպէս մարդու Որդին եկաւ ո՛չ թէ սպասարկութիւն ընդունելու, հապա՝ սպասարկելու եւ իր անձը փրկանք տալու շատերու համար»:
John 3:16Որովհետեւ Աստուած ա՛յնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ անգամ տուաւ իր միածին Որդին, որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, հապա ունենայ յաւիտենական կեանքը:
John 6:57Ա՛ն որ կ՚ուտէ իմ մարմինս ու կը խմէ իմ արիւնս՝ անիկա՛ կը բնակի իմ մէջս, եւ ես՝ անոր մէջ:
John 9:35Յիսուս լսեց թէ վտարեցին զայն. երբ գտաւ զայն՝ ըսաւ անոր. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին»:
John 14:19Քիչ մը ատենէն ետք աշխարհը ա՛լ պիտի չտեսնէ զիս. բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, որովհետեւ ես կ՚ապրի՛մ, եւ դո՛ւք ալ պիտի ապրիք:
John 17:21Որպէսզի բոլորն ալ մէ՛կ ըլլան, ինչպէս դուն՝ Հա՜յր՝ իմ մէջս, ու ես՝ քու մէջդ. որ անո՛նք ալ մէկ ըլլան մեր մէջ, որպէսզի աշխարհը հաւատայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս: