Թուղթ առ Գաղատացիս 4:12
Եղբայրնե՛ր, կ՚աղերսե՛մ ձեզի, ինծի՛ պէս եղէք, որովհետեւ ես ալ ձեզի պէս եղայ. դուք բնա՛ւ վնասած չէք ինծի:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
Brethren, I beseech you, be as I am; for I am as ye are: ye have not injured me at all.
In Context
11կը վախնամ ձեզի համար, որ գուցէ զուր տեղը աշխատած ըլլամ ձեր վրայ:
13Դուք գիտէք թէ ի՛նչպէս՝ մարմինիս տկարութեամբ՝ աւետարանեցի ձեզի առաջին անգամ.
Read all of Թուղթ առ Գաղատացիս 4
Cross References
Acts 21:21բայց տեղեկացան քու մասիդ՝ թէ հեթանոսներուն մէջ եղող բոլոր Հրեաներուն կը սորվեցնես հրաժարիլ Մովսէսէն, ըսելով որ չթլփատեն իրենց զաւակները եւ չընթանան սովորութիւններուն համաձայն:
2 Corinthians 2:5Իսկ եթէ մէկը տրտմեցուց, ո՛չ թէ տրտմեցուց զիս, հապա մասամբ (որպէսզի չծանրաբեռնեմ) ձեզ բոլորդ՝՝:
Galatians 2:14Բայց երբ տեսայ թէ ուղիղ չեն ընթանար՝ աւետարանին ճշմարտութեան համաձայն, բոլորին առջեւ Պետրոսի ըսի. «Եթէ դուն՝ որ Հրեայ ես՝ հեթանոսներու պէս կ՚ապրիս, եւ ո՛չ թէ Հրեաներու պէս, ինչո՞ւ կը հարկադրես հեթանոսները՝ որ Հրեաներու պէս ապրին»:
Galatians 6:18Եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր հոգիին հետ: Ամէն: