Թուղթ Եբրայեցիներին 2:11
Արդարեւ ա՛ն որ կը սրբացնէ եւ անո՛նք որ կը սրբանան՝ բոլորն ալ մէկէ՛ մըն են: Այս պատճառով ինք ամօթ չի սեպեր եղբայր կոչել զանոնք՝ ըսելով.
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
12«Քու անունդ պիտի հաղորդեմ եղբայրներուս, համախմբումին մէջ պիտի օրհներգեմ քեզի»:
Read all of Թուղթ Եբրայեցիներին 2
Cross References
Matthew 25:40Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. “Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. "Քանի իմ այս եղբայրներուս փոքրագոյններէն մէկուն ըրիք՝ ինծի՛ ըրիք"”:
Mark 8:38Որովհետեւ ո՛վ որ ամօթ սեպէ զիս եւ իմ խօսքերս դաւանիլը՝ այս շնացող ու մեղաւոր սերունդին մէջ, մարդու Որդին ալ ամօթ պիտի սեպէ զայն դաւանիլը՝ երբ գայ իր Հօր փառքով սուրբ հրեշտակներուն հետ»: Եւ ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Հոս ներկայ եղողներէն կան ոմանք՝ որ մահ պիտի չհամտեսեն, մինչեւ որ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը՝ զօրութեամբ եկած”»:
John 17:19Անոնց համար ես զիս կը սրբացնեմ, որպէսզի իրենք ալ սրբացած ըլլան ճշմարտութեամբ:
John 20:17Յիսուս ըսաւ անոր. «Մի՛ դպչիր ինծի, որովհետեւ դեռ բարձրացած չեմ Հօրս քով. հապա գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. “Ես կը բարձրանամ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօր քով, իմ Աստուծոյս քով եւ ձեր Աստուծոյն քով”»:
Acts 17:28Արդարեւ անո՛վ կ՚ապրինք, կը շարժինք եւ կանք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն ոմանք ալ ըսին. “Քանի որ մենք անոր ցեղէն իսկ ենք”:
Galatians 4:4Բայց երբ ժամանակը լրումին հասաւ, Աստուած ղրկեց իր Որդին՝ որ կնոջմէ ծնաւ եւ Օրէնքին տակ մտաւ,