Թուղթ Եբրայեցիներին 7:11
Ուրեմն, եթէ կատարելութիւնը Ղեւտացիներու քահանայութեամբ ըլլար, (քանի որ ժողովուրդը Օրէնքին տակ դրուեցաւ անոր ատենը,) ա՛լ ի՞նչ պէտք կար որ ուրի՛շ քահանայ մը ելլէր՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ, եւ չկոչուէր Ահարոնի կարգին համեմատ:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
10որովհետեւ տակաւին իր հօր մէջքն էր՝ երբ Մելքիսեդեկ դիմաւորեց զայն:
12Արդարեւ՝ քահանայութեան փոփոխումով՝ հարկ էր որ փոփոխութիւն ըլլար նաեւ Օրէնքին:
Read all of Թուղթ Եբրայեցիներին 7
Cross References
Galatians 4:3Նոյնպէս ալ մենք, երբ մանուկ էինք, աշխարհի սկզբունքներուն տակ ստրուկ էինք:
Colossians 2:10ու դուք ալ ամբողջացած էք անով՝ որ գլուխն է ամէն պետութեան եւ իշխանութեան:
Hebrews 5:10եւ Աստուծմէ յորջորջուեցաւ՝ Քահանայապետ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ:
Hebrews 7:15Ասիկա ա՛լ աւելի յայտնի է, քանի որ Մելքիսեդեկի նմանութեամբ ուրի՛շ քահանայ մը կ՚ելլէ,
Hebrews 7:21իսկ ասիկա՝ երդումով, անո՛ր միջոցով՝ որ ըսաւ իրեն. «Տէրը երդում ըրեր է ու պիտի չզղջայ. “Դուն յաւիտեան քահանայ ես՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ”»,)
Hebrews 8:10Արդարեւ սա՛ է այն ուխտը՝ որ պիտի հաստատեմ Իսրայէլի տան հետ այդ օրերէն ետք,- կ՚ըսէ Տէրը.- իմ օրէնքներս պիտի դնեմ անոնց միտքին մէջ, զանոնք պիտի գրեմ անոնց սիրտին վրայ, ու ես պիտի ըլլամ անոնց Աստուածը, անոնք ալ պիտի ըլլան իմ ժողովուրդս: