Ավետարան ըստ Հովհաննեսի 1:16
Եւ անոր լիութենէն մենք բոլորս ստացանք շնորհք շնորհքի վրայ:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
And of his fulness have all we received, and grace for grace.
In Context
Read all of Ավետարան ըստ Հովհաննեսի 1
Cross References
Matthew 3:11Արդարեւ ես կը մկրտեմ ձեզ ջուրով՝ ապաշխարութեան համար, բայց ա՛ն որ կու գայ իմ ետեւէս՝ ինձմէ հզօր է, ու ես արժանի չեմ անոր կօշիկները կրելու. անիկա՛ պիտի մկրտէ ձեզ Սուրբ Հոգիով ու կրակով:
Matthew 13:12Որովհետեւ ո՛վ որ ունի, անոր պիտի տրուի ու առատութեան մէջ պիտի ըլլայ. իսկ ո՛վ որ չունի, ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի:
John 3:34որովհետեւ ա՛ն որ Աստուած ղրկեց՝ կը քարոզէ Աստուծոյ խօսքերը, քանի որ Աստուած անոր չափով չի տար Հոգին:
Acts 3:12Պետրոս՝ տեսնելով ասիկա՝ ըսաւ ժողովուրդին. «Իսրայելացի՛ մարդիկ, ինչո՞ւ զարմացած էք ասոր վրայ, կամ ինչո՞ւ այդպէս ակնապիշ կը նայիք մեզի, իբր թէ մենք մեր զօրութեամբ կամ բարեպաշտութեամբ քալել տուինք ատոր:
Romans 5:17Քանի որ եթէ մէկ մարդու յանցանքով՝ մահը թագաւորեց այդ մէկով, ո՜րչափ աւելի անոնք՝ որ կը ստանան շնորհքի ու արդարութեան պարգեւին առատութիւնը, կեանքի մէջ պիտի թագաւորեն միակ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:)
Romans 8:9Բայց դուք չէք ապրիր մարմինին համաձայն, հապա՝ Հոգիին համաձայն, եթէ իսկապէս Աստուծոյ Հոգին բնակած է ձեր մէջ. իսկ եթէ մէկը Քրիստոսի Հոգին չունի, ինք անորը չէ: