Ավետարան ըստ Հովհաննեսի 10:41
Շատեր գացին անոր եւ ըսին. «Իրա՛ւ Յովհաննէս նշա՛ն մը չըրաւ.
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
40եւ դարձեալ մեկնեցաւ Յորդանանի միւս կողմը, այն տեղը՝ ուր Յովհաննէս նախապէս կը մկրտէր, ու մնաց հոն:
42բայց ի՛նչ որ Յովհաննէս ըսաւ ասոր մասին՝ ամէնը ճշմարիտ էր»: Ու հոն շատեր հաւատացին անոր:
Read all of Ավետարան ըստ Հովհաննեսի 10
Cross References
Matthew 3:11Արդարեւ ես կը մկրտեմ ձեզ ջուրով՝ ապաշխարութեան համար, բայց ա՛ն որ կու գայ իմ ետեւէս՝ ինձմէ հզօր է, ու ես արժանի չեմ անոր կօշիկները կրելու. անիկա՛ պիտի մկրտէ ձեզ Սուրբ Հոգիով ու կրակով:
Matthew 14:2«Ան Յովհաննէս Մկրտի՛չն է՝ մեռելներէն յարութիւն առած. ուստի հրաշքներ կը գործուին անով»:
Luke 5:1Երբ բազմութիւնը խռնուեցաւ անոր շուրջը՝ Աստուծոյ խօսքը լսելու համար, ինք Գեննեսարէթի ծովակին եզերքը կանգնած էր,
Luke 12:1Այդ միջոցին, երբ բիւրաւոր բազմութիւններ հաւաքուեցան,- ա՛յնքան՝ որ զիրար կը կոխկռտէին,- սկսաւ նախ ըսել իր աշակերտներուն. «Զգուշացէ՛ք՝՝ Փարիսեցիներու խմորէն, որ կեղծաւորութիւնն է:
John 1:29Հետեւեալ օրը Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը՝ որ իրեն կու գար, եւ ըսաւ. «Ահա՛ Աստուծոյ Գառը՝ որ կը քաւէ աշխարհի մեղքը:
John 2:11Յիսուս իր նշաններուն սկիզբը ըրաւ ասիկա՝ Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ, եւ ցոյց տուաւ իր փառքը. ու իր աշակերտները հաւատացին իրեն: