Ավետարան ըստ Հովհաննեսի 10:5
Սակայն չեն հետեւիր օտարի մը՝ հապա կը փախչին անկէ, որովհետեւ չեն ճանչնար օտարներու ձայնը»:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
6Յիսուս ըսաւ անոնց այս առակը, բայց անոնք չէին հասկնար թէ ի՛նչ էր՝ որ կը խօսէր իրենց:
Read all of Ավետարան ըստ Հովհաննեսի 10
Cross References
Luke 8:18Ուրեմն զգուշացէ՛ք թէ ի՛նչպէս կը լսէք. որովհետեւ ո՛վ որ ունի՝ պիտի տրուի անոր, իսկ ո՛վ որ չունի՝ անկէ պիտի առնուի նոյնիսկ ինչ որ ինք կը կարծէ թէ ունի»:
Colossians 2:6Ուրեմն, ի՛նչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը՝ ա՛յնպէս ընթացէք անով,
2 Timothy 4:3Որովհետեւ պիտի գայ ատենը՝ երբ պիտի չհանդուրժեն ողջամիտ վարդապետութեան. հապա՝ իրենց ականջներուն մարմաջով ու ցանկութիւններուն համաձայն վարդապետներ պիտի կուտակեն իրենց համար.
1 John 2:19Անոնք մեր մէջէն ելան, բայց մեզմէ չէին. որովհետեւ եթէ ըլլային մեզմէ, կը մնային մեզի հետ: Բայց մեզմէ ելան, որպէսզի բացայայտուի թէ անոնք բոլորն ալ մեզմէ չէին:
1 John 4:5Անոնք աշխարհէն են. ուստի կը խօսին աշխարհի մասին, եւ աշխարհը մտիկ կ՚ընէ անոնց: