Ավետարան ըստ Հովհաննեսի 14:3
Երբ երթամ եւ տեղ պատրաստեմ ձեզի, դարձեալ պիտի գամ ու քովս ընդունիմ ձեզ, որպէսզի ո՛ւր ես եմ՝ դո՛ւք ալ հոն ըլլաք:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
4Գիտէք ո՛ւր կ՚երթամ, գիտէք նաեւ ճամբան»:
Read all of Ավետարան ըստ Հովհաննեսի 14
Cross References
John 12:26Եթէ մէկը կը սպասարկէ ինծի՝ թող հետեւի ինծի. ու ես ո՛ւր որ եմ, իմ սպասարկուս ալ հո՛ն պիտի ըլլայ. եթէ մէկը կը սպասարկէ ինծի, Հայրը պիտի պատուէ զինք»:
John 14:28Լսեցիք թէ ըսի ձեզի. “Ես կ՚երթամ, բայց դարձեալ պիտի գամ ձեզի”: Եթէ սիրէիք զիս, պիտի ուրախանայիք՝ որ ես կ՚երթամ Հօրը քով, որովհետեւ իմ Հայրս ինձմէ մեծ է:
Acts 1:11եւ ըսին. «Գալիլեացի՛ մարդիկ, ինչո՞ւ կայնած՝ կը նայիք դէպի երկինք. այս Յիսուսը՝ որ երկինք համբարձաւ ձեզմէ, նո՛յնպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»:
Romans 8:17ու եթէ զաւակներ՝ ուրեմն ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդներ եւ Քրիստոսի ժառանգակիցներ, որպէսզի եթէ չարչարուինք իրեն հետ, նաեւ փառաւորուինք իրեն հետ:
Philippians 1:23Երկուքէն ալ պարտադրուած եմ. ցանկութիւն ունիմ մեկնելու եւ Քրիստոսի հետ ըլլալու, ինչ որ շատ աւելի լաւ է.
2 Thessalonians 1:12որպէսզի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունը փառաւորուի ձեր մէջ, եւ դուք ալ անոր մէջ, մեր Աստուծոյն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքին համաձայն: