Ավետարան ըստ Հովհաննեսի 18:3
Ուստի Յուդա, առնելով իրեն հետ զինուորներուն գունդը, եւ սպասաւորներ՝ քահանայապետներէն ու Փարիսեցիներէն, եկաւ հոն՝ ջահերով, լապտերներով եւ զէնքերով:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
4Իսկ Յիսուս, գիտնալով իրեն պատահելիք բոլոր բաները, գնաց եւ ըսաւ անոնց. «Ո՞վ կը փնտռէք»:
Read all of Ավետարան ըստ Հովհաննեսի 18
Cross References
Matthew 26:47Մինչ ան դեռ կը խօսէր, Յուդա՝ տասներկուքէն մէկը՝ եկաւ, եւ իրեն հետ մեծ բազմութիւն մը՝ սուրերով ու բիրերով, քահանայապետներէն եւ ժողովուրդին երէցներէն:
Luke 22:47Երբ դեռ կը խօսէր, ահա՛ բազմութիւն մը եկաւ. Յուդա կոչուածն ալ՝ տասներկուքէն մէկը՝ կ՚երթար անոր առջեւէն, ու մօտեցաւ Յիսուսի՝ որպէսզի համբուրէ զայն:
John 13:27Պատառէն ետք՝ Սատանան մտաւ անոր ներսը. ուստի Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտո՛վ ըրէ»:
Acts 1:16«Մարդի՛կ եղբայրներ, պէ՛տք էր որ իրագործուէր այն գրուածը, որ նախապէս Սուրբ Հոգին ըսեր էր Դաւիթի բերանով՝ Յուդայի մասին, որ առաջնորդ եղաւ Յիսուսը բռնողներուն.