Ավետարան ըստ Ղուկասի 12:42
Տէրը ըսաւ. «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ եւ իմաստուն տնտեսը, որ տէրը պիտի նշանակէ իր ծառաներուն վրայ՝ որպէսզի ատենին տայ անոնց ուտելիքը:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
41Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, այդ առակը մեզի՞ կ՚ըսես՝ թէ բոլորին ալ»:
43Երանի՜ այդ ծառային, որուն տէրը՝ երբ գայ՝ պիտի գտնէ թէ այդպէս կ՚ընէ:
Read all of Ավետարան ըստ Ղուկասի 12
Cross References
Matthew 13:52Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ասոր համար ամէն դպիր՝ որ աշակերտ եղած է երկինքի թագաւորութեան, նման է տանտիրոջ մը՝ որ իր գանձէն կը հանէ նորն ու հինը»:
Matthew 24:45«Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառան, որ իր տէրը նշանակեց իր ծառաներուն վրայ՝ որպէսզի ատենին կերակուր տայ անոնց:
Luke 7:13Տէրը տեսնելով զայն՝ գթաց անոր վրայ եւ ըսաւ անոր. «Մի՛ լար»: