Ավետարան ըստ Ղուկասի 17:24
Որովհետեւ ինչպէս փայլակը՝ երկինքին տակ մէկ ծայրէն փայլատակելով՝ կը լուսաւորէ մինչեւ երկինքին տակ միւս ծայրը, նո՛յնպէս պիտի ըլլայ մարդու Որդին՝ իր գալուստին օրը:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
23Ու եթէ ըսեն ձեզի. “Ահա՛ հոս է”, կամ. “Ահա՛ հոն”, մի՛ երթաք եւ հետամուտ մի՛ ըլլաք:
25Սակայն պէտք է որ ինք նախ շատ չարչարանքներ կրէ ու մերժուի այս սերունդէն:
Read all of Ավետարան ըստ Ղուկասի 17
Cross References
Matthew 24:30եւ ա՛յն ատեն մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւնայ երկինքի մէջ: Այն ատեն երկրի բոլոր տոհմերը պիտի հեծեծեն, ու պիտի տեսնեն մարդու Որդին՝ որ կու գայ երկինքի ամպերուն վրայ, զօրութեամբ ու մեծ փառքով:
Matthew 26:64Յիսուս ըսաւ անոր. «Դո՛ւն ըսիր: Բայց կը յայտարարեմ ձեզի. “Ասկէ ետք պիտի տեսնէք մարդու Որդին՝ բազմած Զօրութեան աջ կողմը, ու եկած երկինքի ամպերուն վրայ”»:
2 Thessalonians 2:2որ շուտով չսարսիք ձեր միտքին մէջ, ու չվրդովիք՝ ո՛չ հոգիով, ո՛չ խօսքով, ո՛չ ալ նամակով մը՝ իբր թէ մեզմէ գրուած, որպէս թէ Քրիստոսի օրը եկած հասած ըլլայ:
James 5:8Դո՛ւք ալ համբերատար եղէք եւ ամրացուցէ՛ք ձեր սիրտերը, որովհետեւ Տէրոջ գալուստը կը մօտենայ: