Ավետարան ըստ Ղուկասի 7:8
Որովհետեւ ես ալ իշխանութեան տակ դրուած մարդ մըն եմ, եւ զինուորներ ունիմ իմ հրամանիս տակ: Ասոր կ՚ըսեմ. “Գնա՛”, ու կ՚երթայ. եւ միւսին. “Եկո՛ւր”, ու կու գայ. եւ ստրուկիս. “Ըրէ՛ այս բանը”, ու կ՚ընէ»:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
7ուստի ես ալ արժանի չնկատեցի զիս՝ գալու քեզի. հապա ըսէ՛ խօսք մը՝՝, ու ծառաս պիտի բժշկուի:
Read all of Ավետարան ըստ Ղուկասի 7
Cross References
Acts 22:25Երբ կապեցին զինք փոկերով, Պօղոս ըսաւ վերակացու հարիւրապետին. «Արտօնուա՞ծ է ձեզի՝ խարազանել մարդ մը, որ Հռոմայեցի է ու դատապարտուած ալ չէ»:
Acts 23:23Ապա կանչելով հարիւրապետներէն երկուքը՝ ըսաւ. «Պատրաստեցէ՛ք երկու հարիւր զինուոր, եօթանասուն ձիաւոր ու երկու հարիւր գեղարդաւոր, որպէսզի երթան մինչեւ Կեսարիա՝ գիշերուան երրորդ ժամուն՝՝.
Acts 23:31Զինուորներն ալ առին Պօղոսը եւ գիշերուան մէջ տարին Անտիպատրոս, իրենց հրամայուածին համաձայն:
Acts 25:26Անոր մասին ստոյգ բան մը չունիմ գրելու իմ տիրոջս. ուստի ներկայացուցի զայն ձեզի, եւ մա՛նաւանդ քեզի՛, Ագրիպպա՛ս թագաւոր, որպէսզի ունենամ գրելիք բան մը՝ հարցաքննելէ ետք.
1 Timothy 6:1Լուծի տակ եղող բոլոր ստրուկները թող արժանի համարեն իրենց տէրերը ամէն պատիւի, որպէսզի Աստուծոյ անունն ու վարդապետութիւնը չհայհոյուին: