Ավետարան ըստ Մարկոսի 13:27
Այն ատեն պիտի ղրկէ իր հրեշտակները եւ պիտի հաւաքէ իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկինքի ծայրը»:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
26Այն ատեն պիտի տեսնեն մարդու Որդին, ամպերու մէջ եկած՝ մեծ զօրութեամբ ու փառքով:
Read all of Ավետարան ըստ Մարկոսի 13
Cross References
Matthew 12:42Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը ոտքի պիտի ելլէ այս սերունդին դէմ ու զայն պիտի դատապարտէ, որովհետեւ ինք եկաւ երկրի ծայրերէն՝ Սողոմոնի իմաստութիւնը լսելու. եւ ահա՛ Սողոմոնէ մեծ մէկը կայ հոս»:
Matthew 13:49Ա՛յսպէս պիտի ըլլայ աշխարհի վախճանին: Հրեշտակները պիտի ելլեն, արդարներուն մէջէն պիտի զատեն չարերը,
Matthew 24:24Որովհետեւ սուտ Քրիստոսներ ու սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն, եւ ցոյց պիտի տան մեծ նշաններ ու սքանչելիքներ, որպէսզի՝ եթէ կարելի ըլլայ՝ մոլորեցնեն ընտրեալնե՛րն իսկ:
Matthew 25:31«Երբ մարդու Որդին գայ իր փառքով՝ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն պիտի բազմի իր փառքի գահին վրայ: