Թուղթ առ Փիլիմոն 1:6
որպէսզի քու հաւատքիդ հաղորդակցութիւնը արդիւնաւոր ըլլայ՝ Քրիստոս Յիսուսով ձեր մէջ եղած ամէն բարիքի գիտակցութեամբ:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
5երբ կը լսեմ քու սիրոյդ եւ հաւատքիդ մասին՝ որ ունիս Տէր Յիսուսի ու բոլոր սուրբերուն հանդէպ,
Read all of Թուղթ առ Փիլիմոն 1
Cross References
Matthew 25:16Հինգ տաղանդ ստացողը գնաց, օգտագործեց զանոնք, ու շահեցաւ ուրիշ հինգ տաղանդ:
2 Corinthians 9:12որովհետեւ այս պաշտօնին սպասարկումը ո՛չ միայն կը լրացնէ սուրբերուն պակասը, այլ նաեւ կը ճոխանայ շատ շնորհակալութիւններով՝ ուղղուած Աստուծոյ:
Philippians 4:8Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ՝ պատկառելի, ինչ որ՝ արդար, ինչ որ՝ անկեղծ, ինչ որ՝ սիրալիր, ինչ որ՝ բարի համբաւով, ինչ որ առաքինութեամբ եւ ինչ որ գովելի է, ատո՛նց մասին մտածեցէք:
Titus 3:14Մերիննե՛րն ալ թող սորվին մատակարար ըլլալ բարի գործերու՝ հարկաւոր կարիքներու համար, որպէսզի անպտուղ չըլլան:
James 2:14Ի՞նչ օգուտ ունի, եղբայրնե՛րս, եթէ մէկը ըսէ թէ հաւատք ունի սակայն գործեր չունենայ. միթէ հաւատքը կրնա՞յ փրկել զինք:
1 Peter 1:5Դուք Աստուծոյ զօրութեամբ ու հաւատքով պահպանուած էք փրկութեան համար, որ պատրաստ է յայտնուելու վերջին ատենը.