Romans 13:9
Արդարեւ այն ըսուածը. «Շնութիւն մի՛ ըներ, սպանութիւն մի՛ ըներ, գողութիւն մի՛ ըներ, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, մի՛ ցանկար», եւ եթէ կայ ուրիշ որեւէ պատուիրան՝ համառօտաբար կը բովանդակուի սա՛ խօսքին մէջ. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս»:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
10Սէրը ո՛չ մէկ չարիք կը գործէ իր ընկերին. ուրեմն սէ՛րն է Օրէնքին գործադրութիւնը:
Cross References
Matthew 22:39Եւ երկրորդը՝ ասոր նման. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս”:
Mark 12:31Ու երկրորդը՝ ասոր նման. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս”: Ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրան չկայ»:
Luke 18:20Պատուիրանները գիտես. շնութիւն մի՛ ըներ, սպանութիւն մի՛ ըներ, գողութիւն մի՛ ըներ, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ»:
Galatians 5:13Որովհետեւ դուք ազատութեա՛ն կանչուած էք, եղբայրնե՛ր. միայն թէ ձեր ազատութիւնը մարմինի ցանկութիւններու առիթ չըլլայ, հապա սիրո՛վ իրարու ծառայեցէք: