Պողոս Առաքյալի նամակը Հռոմեացիներին 5:15
Բայց շնորհը յանցանքին պէս չէ. որովհետեւ եթէ մէկին յանցանքով շատեր մեռան, ա՛լ ո՜րչափ աւելի շատերուն վրայ առատացաւ Աստուծոյ շնորհքը, եւ պարգեւը՝ որ շնորհուեցաւ մէկ մարդու՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
Read all of Պողոս Առաքյալի նամակը Հռոմեացիներին 5
Cross References
Matthew 26:28«Բոլո՛րդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. որովհետեւ ա՛յս է իմ արիւնս, նո՛ր ուխտին արիւնը, որ կը թափուի՝ շատերուն մեղքերու ներումին համար:
John 4:10Յիսուս պատասխանեց անոր. «Եթէ դուն գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը, եւ թէ ո՛վ է ա՛ն՝ որ կ՚ըսէ քեզի. “Ինծի ջուր տուր խմելու”, դո՛ւն պիտի ուզէիր իրմէ, ու ինք կենարա՛ր ջուր պիտի տար քեզի»:
Romans 5:12Ուստի ինչպէս մէկ մարդով մեղքը աշխարհ մտաւ, ու մեղքով՝ մահը, եւ այնպէս՝ մահը փոխանցուեցաւ բոլոր մարդոց, քանի որ բոլորն ալ մեղանչեցին.
Romans 6:23Որովհետեւ մեղքին վարձատրութիւնը մահ է, բայց Աստուծոյ շնորհը՝ յաւիտենական կեանք է, Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Տէրոջ միջոցով: