Պողոս Առաքյալի նամակը Հռոմեացիներին 6:16
Չէ՞ք գիտեր թէ որո՛ւն որ դուք ձեզ իբր ստրուկ յանձնէք՝ հնազանդելու համար, ստրուկ կ՚ըլլաք անոր՝ որուն կը հնազանդիք, թէ՛ մեղքին՝ որ կ՚առաջնորդէ մահուան, եւ թէ հնազանդութեան՝ որ կ՚առաջնորդէ արդարութեան:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
15Ուրեմն ի՞նչ. մեղանչե՞նք, քանի որ Օրէնքի տակ չենք, հապա՝ շնորհքի տակ: Ամե՛նեւին:
Read all of Պողոս Առաքյալի նամակը Հռոմեացիներին 6
Cross References
Matthew 6:24«Ո՛չ մէկը կրնայ ծառայել երկու տիրոջ. որովհետեւ կա՛մ պիտի ատէ մէկը եւ սիրէ միւսը, կա՛մ պիտի յարի մէկուն՝՝ ու արհամարհէ միւսը: Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ մամոնային:
John 8:34Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքին ստրուկն է”:
Romans 6:17Բայց շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ մեղքին ստրուկ ըլլալէ ետք՝ սրտանց հնազանդեցաք այն ուսուցումի տիպարին՝ որ աւանդուեցաւ ձեզի:
2 Peter 2:19Ազատութիւն կը խոստանան անոնց, մինչդեռ իրե՛նք ստրուկներ են ապականութեան. որովհետեւ մէկը ինչ բանէ որ պարտուի, ստրուկ կ՚ըլլայ անոր: