The Bible Software
Պողոս առաքյալի առաջին նամակը Տիմոթեոսին · 1853 Western Armenian NT

Պողոս առաքյալի առաջին նամակը Տիմոթեոսին 4

1Հոգին յատկապէս կ՚ըսէ թէ վերջին ատենները՝ ոմանք պիտի հեռանան հաւատքէն, ուշադրութիւն դարձնելով մոլորեցուցիչ ոգիներու եւ դեւերու վարդապետութիւններու:

2Կեղծաւորութեամբ սուտ պիտի խօսին, խանձուած խղճմտանք պիտի ունենան,

3պիտի արգիլեն ամուսնանալ ու ետ պիտի պահեն կերակուրներէն, որ Աստուած ստեղծեր է որպէսզի հաւատացեալները եւ ճշմարտութիւնը գիտցողները շնորհակալութեամբ ընդունին.

4որովհետեւ ամէն ինչ որ Աստուած ստեղծած է՝ բարի է, ու ոչինչ մերժուելու է՝ եթէ ընդունուի շնորհակալութեամբ,

5քանի որ կը սրբացուի Աստուծոյ խօսքով եւ աղօթքով:

6Եթէ թելադրես այս բաները եղբայրներուն, պիտի ըլլաս Յիսուս Քրիստոսի բարի սպասարկու մը, սնած խօսքերով հաւատքին ու բարի վարդապետութեան՝ որուն հետեւեցար:

7Բայց մերժէ՛ սրբապիղծ ու պառաւական առասպելները, եւ դուն քեզ վարժեցուր բարեպաշտութեան.

8որովհետեւ մարմինին վարժութիւնը օգտակար է քիչ բանի, բայց բարեպաշտութիւնը օգտակար է ամէն բանի, ունենալով թէ՛ ներկայ եւ թէ ապագայ կեանքին խոստումը:

9Այս խօսքը վստահելի է ու բոլորովին ընդունուելու արժանի:

10Արդարեւ մենք կ՚աշխատինք եւ կը նախատուինք սա՛ նպատակով, որովհետեւ կը յուսանք ապրող Աստուծոյ, որ Փրկիչն է բոլոր մարդոց, մա՛նաւանդ՝ հաւատացեալներուն:

11Պատուիրէ՛ եւ սորվեցո՛ւր այս բաները:

12Ո՛չ մէկը թող արհամարհէ քու երիտասարդութիւնդ, հապա տիպա՛ր եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարքով, սիրով, հաւատքով ու մաքրակեցութեամբ:

13Մինչեւ որ գամ՝ ուշադի՛ր եղիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու:

14Անհոգ մի՛ ըլլար քու մէջդ եղած շնորհին հանդէպ, որ մարգարէութեամբ տրուեցաւ քեզի՝ երէցներուն ձեռնադրութեամբ:

15Խոկա՛ այդ բաներուն մասին եւ զբաղէ՛ ատոնցմով, որպէսզի քու յառաջդիմութիւնդ երեւնայ ամենուն:

16Ուշադի՛ր եղիր դուն քեզի ու վարդապետութեան, եւ մի՛շտ յարատեւէ ատոնց մէջ. քանի որ այդպէս ընելով՝ պիտի փրկես թէ՛ քեզ, թէ՛ քեզ լսողները:

← Պողոս առաքյալի առաջին նամակը Տիմոթեոսին 3Read In The App, Free →Պողոս առաքյալի առաջին նամակը Տիմոթեոսին 5 →

Study Պողոս առաքյալի առաջին նամակը Տիմոթեոսին 4

KJVMatthew HenryJamieson-Fausset-BrownAdam ClarkeAlbert BarnesJohn WesleyJohn CalvinScofieldWilliam BurkittFamily Bible NotesGeneva Bible Notes (1599)Robertson's Word PicturesReina-Valera (Español)Bíblia Portuguesa MundialLuther Bibel (Deutsch)Bible Louis Segond (Français)

All Chapters

123456