Գործք առաքելոց 17:2
Պօղոս ալ՝ իր սովորութեան համաձայն՝ մտաւ անոնց մէջ, ու երեք Շաբաթ օրեր խօսեցաւ անոնց հետ Գիրքերուն մասին,
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
1Ամփիպոլիսէն եւ Ապողոնիայէն անցնելով՝ Թեսաղոնիկէ եկան, ուր Հրեաներուն ժողովարանը կար:
Cross References
John 18:20Յիսուս պատասխանեց անոր. «Ես բացորոշապէս խօսեցայ աշխարհին. ամէն ատեն սորվեցուցի ժողովարաններուն մէջ ու տաճարին մէջ, ուր բոլոր Հրեաները կը համախմբուէին, եւ ոչինչ խօսեցայ գաղտնի:
Acts 9:20Իսկոյն ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ ա՛ն է Աստուծոյ Որդին:
Acts 13:14Անոնք ալ գացին Պերգէէն եւ հասան Պիսիդիայի Անտիոքը, ու Շաբաթ օրը մտնելով ժողովարանը՝ նստան:
Acts 17:10Եղբայրներն ալ իսկոյն՝ գիշերուան մէջ՝ Բերիա ղրկեցին Պօղոսն ու Շիղան, որոնք հոն հասնելով՝ գացին Հրեաներուն ժողովարանը:
Acts 18:4Իսկ ամէն Շաբաթ օր կը խօսէր ժողովարանին մէջ, եւ կը համոզէր Հրեաներն ու Յոյները: