Ավետարան ըստ Մարկոսի 4:11
Եւ ըսաւ անոնց. «Ձեզի տրուած է գիտնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդը, բայց անոնց որ դուրսէն են՝ ամէն ինչ առեղծուած կ՚ըլլայ.
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
10Երբ առանձին էր, իր շուրջը եղողները՝ տասներկուքին հետ հարցուցին իրեն այս առակին մասին:
Read all of Ավետարան ըստ Մարկոսի 4
Cross References
Matthew 13:11Ինք ալ պատասխանեց անոնց. «Քանի որ ձեզի՛ տրուած է գիտնալ երկինքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ:
Matthew 16:17Յիսուս ըսաւ անոր. «Երանի՜ քեզի, Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի. որովհետեւ ո՛չ թէ մարմինն ու արիւնը յայտնեցին քեզի ասիկա, հապա իմ Հայրս՝ որ երկինքն է:
Luke 10:21Այդ նոյն ժամուն՝ Յիսուս Հոգիով ցնծաց եւ ըսաւ. «Կը ներբողեմ քեզ, Հա՜յր, Տէր երկինքի ու երկրի, որ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններէն եւ խելացիներէն, ու յայտնեցիր երախաներո՛ւն: Այո՛, Հա՜յր, որովհետեւ ա՛յսպէս հաճելի եղաւ քու առջեւդ:
1 Corinthians 5:12Որովհետեւ ի՞նչ պէտք ունիմ դատելու դուրսինները. միթէ դուք չէ՞ք դատեր ներսինները.
Ephesians 1:9Գիտցուց մեզի իր կամքին խորհուրդը՝ իր բարեհաճութեան համաձայն, որ իր մէջ՝՝ առաջադրած էր.
Colossians 4:5Իմաստութեա՛մբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ՝ գնելով ժամանակը: