Acts 28:31
ու կ՚ընդունէր բոլոր իրեն եկողները՝ քարոզելով Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ սորվեցնելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին՝ ամբողջ համարձակութեամբ, առանց արգելքի:
1853 Western Armenian NT
In The King James Version
In Context
30Պօղոս լման երկու տարի բնակեցաւ իր վարձած տունը,
Cross References
Matthew 4:23Յիսուս ամբողջ Գալիլեան շրջելով՝ կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ, կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը, եւ ժողովուրդին մէջ կը բուժէր ամէն տեսակ ախտ ու ամէն տեսակ վատառողջութիւն:
Luke 8:1Անկէ ետք, ինք կը քարոզէր՝ քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ շրջելով, եւ կ՚աւետէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Տասներկուքը իրեն հետ էին,
Acts 4:31Երբ անոնք աղերսեցին, սարսեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին, ու բոլորը լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ համարձակութեամբ կը քարոզէին Աստուծոյ խօսքը:
Acts 8:12Բայց երբ հաւատացին Փիլիպպոսի՝ որ կ՚աւետէր Աստուծոյ թագաւորութեան ու Յիսուս Քրիստոսի անունին մասին, մկրտուեցան թէ՛ այր մարդիկ եւ թէ կիներ:
Acts 23:11Հետեւեալ գիշերը Տէրը կայնեցաւ անոր քով եւ ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, Պօղո՛ս, որովհետեւ ի՛նչպէս վկայեցիր ինծի համար Երուսաղէմի մէջ, ա՛յնպէս ալ պէտք է վկայես Հռոմի մէջ»:
Ephesians 6:19ինծի՛ համար ալ, որպէսզի խօսք տրուի ինծի, որ համարձակութեամբ բանամ բերանս՝ գիտցնելու խորհուրդը աւետարանին,